Կիրակնօրեայ ընթերցումը Լեռան Քարոզէն առնուած բաժին մըն է։ Տէր Յիսուս հոս մեզի օրէնքներու մասին կը խօսի։
«Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։ Քանզի ճշմարտապէս կ՚ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’։
Ուստի ով որ այս ամենափոքր պատուիրանքներէն մէկը աւրէ ու մարդոց այնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ. բայց ով որ ընէ եւ սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ։
Քանզի կ՚ըսեմ ձեզի, Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը»։
(Մատթէոս 5։17֊20)
Լեռան Քարոզը, Հին Կտակարանի Մովսէսի Օրէնքներուն համահաւասարը կը նկատուի։ Տէր Յիսուս Մովսէսի Օրէնքները կը մեկնէ ու Ինքը նոր օրէնքներ կը հաստատէ։
Մատթէոս Աւետարանիչը այդ տպաւորութիւնը ձգել կ'ուզէ որ Տէր Յիսուսը "Նոր Մովսէսն" է։ Այն պատճառով իր Աւետարանին սկիզբը այս բաժինը կը զետեղէ։
Այս կիրակի նաեւ Արտաքսման Կիրակի է։ Մեր նախահօր եւ նախամօր, Աստուծոյ օրէնքներուն չհնազանդելու պատճառով դրախտէն վտարուիլը կը յիշատակուի։
Աստուած տիեզերքը Իր օրէնքներուն համաձայն ստեղծեց, ամէն ինչ գոյութիւնը Անկէ կ'առնէ եւ ամէն ինչ Անոր հնազանդելու պարտաւոր է։
Երբ Մովսէս մարգարէն Իսրայէլի ժողովուրդին օրէնքը տուաւ, անոնց Աստուծոյ պատգամը փոխանցեց։
«Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ»։
(Երկրորդ Օրինաց 30։19)
Տէր Յիսուսն ալ նոյնը կ՛ըսէ, որոշ
Քրիստոնեայներ կը մտածեն թէ Յիսուս դիւրին օրէնքներ տուած է։ Եկեղեցին մեզի մեղքի բնոյթին մասին կը զգուշացնէ եւ կ'ուզէ որ առաջին մեղքին բոլոր մեղքերու նախատիպարը ըլլայը տեսնենք։
Մարդիկ ընդհանրապէս Եդեմական պարտէզէն վտարուելու պատճառ եղող առաջին մեղքի մասին կը հարցնեն։ Արդեօ՞ք ասիկա պատմութիւն մըն է, թէ ոչ այլաբանութիւն մը։ Կամ Եդեմական պարտէզը ա՞յս աշխարհի մէջ է եւ կամ ինչո՞ւ Աստուած բարին եւ չարը գիտնալու ծառը տնկելով մարդը փորձութեան ենթարկեց։
Մենք ճշգրիտ կերպով չենք կրնար ըսել թէ դրախտը այս աշխարհի մէջ էր։ Բայց գիտենք որ Աստուած առաջ բոյսերը եւ անասունները ստեղծեց։ Անոնք մեղք գործելու կարելիութիւնը չունեցող էակներ էին։ Աստուած ուզեց Իր նմանութեան, ազատ կամք ունեցող մարդը ստեղծել, անոր անասնական մարմին մը տուաւ եւ ռունգերէն ներս Իր շունչը բչեց։ Այսպիսով մարդը Աստուածային արարած դարձաւ։
Ադամ եւ Եւա կատարեալ եւ անմեղ էին, հետեւաբար ալ անմահ։ Աստուած մարդկութեան հետ մեծ ընտանիք մը կազմել, անոնց կողմէ սիրուիլ եւ յարգուիլ ուզեց։
Ազատութեան համար ընտրանքներու պէտքութիւն կար այն պատճառով Աստուած անոնց «Կենաց ծառէն կերէք, բայց բարին ու չարը գիտնալու ծառէն մի՛ ուտէք, եթէ ուտէք պիտի մեռնիք» ըսաւ։
Բայց մարդը ծառին պտուղը Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ ուտելու տեղ, նախնտրեց սատանային առաջնորդութեամբ ուտել։
Աստուծոյ ծրագիրը մարդոց բարին եւ չարը գիտնալն էր, բայց ոչ թէ ապստամբութեամբ։
Առաջին մեղքի հետեւանքով մինչև այսօր բարին եւ չարը զանազանելու մէջ կը դժուարանանք, նոյնիսկ ամէնէն խելացի եւ սուրբ մարդիկ պայծառ չեն կրնար տեսնել։
Մենք Աստուծմէ պէտք է սորվինք թէ ինչ է բարին եւ չարը։
Աստուած մեզի մեղքէն հեռու պահէ, մեր ականջները
Իր խօսքերով իմաստութեամբ լեցնէ, մեր աչքերուն չվստահինք այլ վստահինք մեր լսածներուն եւ մեր կեանքի մնացած օրերը հաւատքով քալենք։
Տէրը օրհնէ ձեր բոլորը։
21 Փետրուար 2021, Կիրակի
inicial Արտաքսման Կիրակի - Առաջին Մեղքը / 21.02.2021
Comentários